Skip to content

ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԳԻՆԸ

15 Հուլիսի, 2011

«Պրաուն» համալսարանի Միջազգային հարցերու «Ուաթսըն» հիմնարկը վերջերս հրապարակեց ուսումնասիրութիւն մը` «Պատերազմին գինը» խորագրով: Ուսումնասիրութիւնը կ՛անդրադառնայ 2001-էն ի վեր Աֆղանիստանի, Իրաքի եւ Փաքիստանի մէջ մղուող պատերազմներուն ու տասը տարի ետք անոնց ձգած հետեւանքներուն` մարդկային, ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական կորուստներուն:

Ուսումնասիրութեան պարզած պատկերը ահաւոր է մարդկային կորուստներու առումով: 10  տարուան պատերազմէ ետք զոհուած քաղաքացիներուն ընդհանուր թիւը հասած է 174,500-ի, որոնցմէ 125,000-ը զոհ գացած է Իրաքի պատերազմին: Զինեալ բախումներու ընթացքին արեւմտեան ուժերը սպաննած են աւելի քան 20,000 զինեալ (ուսումնասիրութեան համաձայն, անոնց թիւը կը հասնի նոյնիսկ 50,893-ի), մինչ անոնք, Աֆղանիստանի, Իրաքի եւ Փաքիստանի ապահովական ուժերուն հետ միասին, տուած են 31,741 զոհ, որոնցմէ 6,051-ը ամերիկացի զինուորներ են: Պատերազմին զոհ գացած են նաեւ 255 լրագրողներ եւ 266 մարդասիրական աշխատանքներ տանող գործիչներ` 10 տարուան պատերազմէն ետք զոհուածներու ընդհանուր թիւը հասցնելով 257,655-ի:

Թալիպաններու կողմէ կատարուած յարձակումին պատճառով անակնկալի մատնուած զինուորներ: Ձախին` քունէն արթնցած ամերիկացի զինուորը կը կռուի "Այ լաւ Նիւ Եորք"ի պատկերներ կրող իր ներքնազգեստով:

Ինչ կը վերաբերի վիրաւորներուն, ապա պատերազմին վիրաւորուած են 146,921 քաղաքացիներ, որոնցմէ 109,558-ը իրաքցիներ են: Մինչ արեւմտեան ուժերը Աֆղանիստանի, Իրաքի եւ Փաքիստանի ապահովական ուժերուն հետ միասին տուած են 218,462 վիրաւոր, որոնցմէ 99,065-ը ամերիկացի զինուորներ են,   այսպիսով վիրաւորներու ընդհանուր թիւը հասցնելով 365,383-ի:

Վերջապէս, պատերազմը իր ետին ձգած է աւելի քան 7,815,000 գաղթական, որոնցմէ 3,500,000-ը իրաքցիներ են, մինչ փաքիստանցի գաղթականներուն թիւը տակաւին կ՛աճի:

Զանց առնելով պատերազմի մէջ գտնուող երկիրներուն տնտեսական վիճակը` ուսումնասիրութիւնը իր երկրորդ բաժինով կ՛անդրադառնայ Միացեալ Նահանգներուն կրած տնտեսական ծանր կորուստներուն, որոնք յառաջիկայ տարիներուն պիտի կրկնապատկուին:

Արդարեւ, մինչեւ օրս Միացեալ Նահանգներ պատերազմներուն համար ծախսած են 2300-2600 միլիառ տոլար, թիւ մը, որ յառաջիկայ տարիներուն կրկնապատկուելով` կրնայ հասնիլ մինչեւ իսկ 4400 միլիառ տոլարի` նկատի առնելով գալիք զինեալ փախումներու ծախսերն ու ամերիկեան կառավարութեան տրամադրելիք գումարները` պատերազմէն վերադարձող զինուորներուն, վեթերաններուն ու անոնց ընտանիքներուն:

Ինչ կը վերաբերի ընկերային եւ քաղաքական հետեւանքներուն, ուսումնասիրութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ ամերիկեան ուժերուն կողմէ ձերբակալուած հարիւր հազարաւոր աֆղաններն եւ իրաքցիները, որոնց դէմ վճիռներ արձակուած չեն տակաւին, կը մնան ամերիկեան ուժերու հսկողութեան տակ գտնուող բանտերու մէջ եւ կ՛ենթարկուին ահաւոր չարչարանքներու: Մինչ «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին» պատճառով, ամերիկացի քաղաքացիներուն վրայ հսկողութիւնը կ՛աւելնայ` սահմանափակելով անոնց անձնականութիւնը:

Վերջապէս, ուսումնասիրութիւնը իր վերջին բաժինով կ՛անդրադառնայ պատերազմներուն պատճառով կենսոլորտին հասած վնասներուն` անտառահատումին, ջուրի, հողի եւ օդի ապականումին, պատերազմներուն ընթացքին գործածուած  զէնքերուն, հրթիռներուն եւ օդանաւերուն պատճառով:

Ահա թէ ի՛նչ ծանր վնասներ կրած են պատերազմի մէջ եղող կողմերը վերջին տասը տարուան ընթացքին: Անշուշտ բոլոր կողմերը եւ մանաւանդ յարձակող կողմը բացառած չէին պատերազմին հետեւանքները: Պատերազմներու ընթացքին անխուսափելի են տնտեսական եւ մանաւանդ մարդկային կորուստները: Սակայն պատերազմներուն արդիւնքն է, որ «կ՛արդարացնէ» արձանագրուած կորուստները: Ժողովուրդներու ազատագրման համար մղուող պատերազմներու ընթացքին (ինչպիսին են  Աֆղանիստանի եւ Իրաքի պատերազմները, գոնէ երեւութապէս), նախաձեռնող կողմը կ՛անտեսէ տալիք նահատակները` հաւատալով, որ պիտի հասնի իր նպատակին:

Իսկ Միացեալ նահանգներ հասա՞ն իրենց նպատակին: Ամերիկացիք յաջողեցա՞ն աշխարհին հրամցուած, թէկուզ երեւութական նպատակներուն` ժողովրդավարութեան հաստատման եւ ժողովուրդներու ազատագրման մէջ: Կ՛արժէ՞ր արդեօք այդքան ահաւոր վնասներ կրել եւ վնասներ պատճառել` յանուն ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան:

Պատերազմի առաջին հանգրուանին արեւմտեան ուժերը, Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ, յաջողեցան տապալել Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ տիրող բռնատիրական վարչակարգերը եւ իշխող բռնատէրերը` Թալիպան շարժումն ու Սատտամ Հիւսէյնը: Սակայն, արդարացնելու համար իրենց ներկայութիւնը, արեւմտեան ուժերը շուտով իրենց նպատակները ուղեցին դէպի ժողովրդավարական կարգերու հաստատում եւ մարդկային իրաւունքներու գործադրում:

Պատերազմէն 10 տարի ետք պարզուած պատկերը կու գայ հաստատելու, որ արեւմտեան ուժերը, Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ, ձախողեցան իրենց առաքելութեան մէջ:

Արդարեւ, այսօր Աֆղանիստանը տակաւին կը նկատուի մենատիրական վարչակարգ ունեցող պետութիւն եւ 167 երկիրներ հաշուող ժողովրդավարական չափանիշներու ցուցակին մէջ կը գրաւէ 105-րդ դիրքը:  Իսկ «Թրանսփարընսի ինթերնաշընըլ»ի համաձայն, փտածութեան 0-10 չափացոյցին վրայ կ՛արձանագրէ 1.4 (յոռեգոյնը` Հարաւային Ասիոյ մէջ):

Կիներու իրաւունքներու անտեսման առումով, Աֆղանիստանի մէջ 10 տարուան ընթացքին չէ արձանագրուած լուրջ յառաջդիմութիւն: Ընդհակառա՛կը, պատերազմին պատճառով կիներու կրթութեան, գործի եւ իրաւունքներու ձգտումները շոգիացած են, մինչ հազարաւոր աֆղան կիներ դարձած են անպատսպար գաղթականներ: Այսօր կիները կը ստանձնեն պետական պաշտօններու մէկ չորորդը, մինչ երկրին մէջ, ենթակառոյցի եւ գործի հայթայթման համար ծախսուած միլիոնաւոր տոլարներէն օգտուած են տղամարդիք, որոնց միջեւ ծագած բախումներուն լոյսին տակ կը շահագործուի աֆղան կիներու իրաւական վիճակը:

Աֆղան կնոջ հակապատկերը` արեւմուտքցի պուպրիկը:

Ինչ կը վերաբերի Իրաքին, ապա Իրաքը նոյնպէս չի նկատուիր ժողովրդավար երկիր, որովհետեւ ժողովրդավարութեան գործադրութիւնը կը մնայ պակասաւոր: Ժողովրդավարական չափանիշներու ցուցակին մէջ Իրաք կը գրաւէ 111-րդ դիրքը, մինչ «Թրանսփարընսի ինթերնաշընըլ»ի համաձայն,  փտածութեան չափացոյցին վրայ կ՛արձանագրէ 1.5` իր ետին ձգելով երեք երկիր` Աֆղանիստանը, Միանմարը եւ Սոմալին:  Իսկ արդարադատութիւնն ու կրթական համակարգը կը մնան քաղաքական եւ կրօնական ճնշումներու գերին:

Իրաքի մէջ կիներու իրաւունքներու հարցը արձանագրած է նահանջ: Արդարեւ, 44  նախարար հաշուող Իրաքի կառավարութեան մէջ այսօր կը պաշտօնավարէ միայն մէկ կին նախարար: Իսկ 2003-էն ի վեր քաղաքական կեանք մուտք գործող բոլոր կուսակցութիւնները կը ղեկավարուին տղամարդոց կողմէ: Վերջապէս, Իրաքի մէջ այսօր ժողովրդավարական կարգերու եւ մարդկային իրաւունքներու հարցերը դարձած են երկրորդական` իրենց տեղը զիջելով համայնքային անլուծելի խնդիրներուն:

Պատերազմէն 10 տարի ետք պարզուած այս պատկերը կու գայ հաստատելու, որ արեւմտեան ուժերը, Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ, ձախողեցան իրենց առաքելութեան մէջ` միաժամանակ կրելով եւ պատճառելով ահաւոր վնասներ:

Այս բոլորին կողքին, պատերազմի դաշտերէն հեռու, ամերիկացի քաղաքացիները, բացի քանի մը մեծահարուստ ընտանիքներէ, որոնք իւրացուցին Իրաքի քարիւղի հանքերը, նոյնպէս կը կրեն ընկերային եւ տնտեսական հետեւանքներ: Ռազմական գործողութիւններու համար տրամադրուած գումարները եւ առնուած պարտքերը իրենց բացասական ազդեցութիւնը կ՛ունենան Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուող ներդրումներուն, աշխատանքին եւ տոկոսներուն վրայ: Մինչ պատերազմը գործ հայթայթեց մեծ թիւով ամերիկացիներու (իւրաքանչիւր 1 միլիոն տոլարի ներդրումը կը հայթայթէ 8 աշխատանք), ուրիշ մարզերու մէջ գործի հայթայթման համար յատկացուած գումարները եղան աննշան, երբ կարելի էր 1 միլիոն տոլարի ներդրում կատարելով իւրաքանչիւր մարզի մէջ հայթայթել 15 աշխատանք կրթական, 14 աշխատանք առողջապահական, 11 աշխատանք շինարարական մարզերուն մէջ: Նոյնպէս ալ բարգաւաճեցաւ զինուորական ենթակառոյցը, մինչ հասարակական ենթակառոյցի զարգացումը եղաւ չնչին` 10 տարուան ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու մէջ ստեղծելով «ենթակառոյցի կորուստ», որուն պատճառով չզարգացաւ տեղական արտադրութիւնը:

Կատարուած ուսումնասիրութիւնը եւ պարզուած կացութիւնը կու գան փաստելու, որ նախորդ տասնամեակին Միացեալ Նահանգներ առանց որեւէ յատկանշական ձեռքբերումներու` կրած են ահաւոր վնասներ եւ յաջորդող տասնամեակներուն տակաւին պիտի շարունակեն շատ սուղ վճարել «պատերազմին գինը»` մինչեւ յաջորդ պատերազմ:

ՍԱՆԱՀԻՆ ԹՈՐՈՍ

No comments yet

Թողնել մեկնաբանություն