Skip to content

ԲԱՅՑ ՏՂԱՔԸ Ի՞ՆՉ ԻՄԱՆԱՅԻՆ

29 Հուլիսի, 2011

Հայկական հարցը հիմնուած է իր պապենական հողերուն վրայ

ազատ ու անկախ ապրելու եւ բարգաւաճելու հայ ժողովուրդի

արդար իրաւունքին վրայ` վայելելով ազգային եւ ընկերային

ամբողջական իրաւունքներ:

«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿ»

Հաղորդագրութիւն – 27 յուլիս 1983

Նպատակը մէկ էր. ազատագրել պապենական Հայաստանը:

 Պէտք էր քանդել լռութեան պատը: Պահանջել ճանաչում: Պահանջել հատուցում: Բանալ ճամբան դէպի Արեւմտահայաստան: Վերադարձնել հողը… պապենական հողը, ուր պիտի բարգաւաճէր հայրենիքը, եւ ուր արժանապատիւ կեանք պիտի ապրէր հայը` վայելելով ազգային եւ ընկերային իր իրաւունքները:

 Իմացեալ մահով գացին Լիզպոն: Համեստօրէն գիտակցելով իրենց գործին կարեւորութեան: Հաւատալով, որ երիտասարդութիւնը «պիտի արթննայ եւ քալէ «Հ. Յ. Բանակ»ի ճամբով»: Հաւատք ունէին ժողովուրդին վրայ, ժողովուրդէն ծնող նոր սերունդներուն վրայ: Անոնք էին, որ պիտի տեսնէին ազատագրուած Արեւմտահայաստանը: Անոնք էին, որ պիտի ապրէին հոն եւ կերտէին հայրենինքը:

 Բայց տղաքը ի՞նչ իմանային…

Ի՞նչ իմանային, թէ երիտասարդութեան մէկ մասը պիտի մնայ խոր քունի մէջ, արթուններ ալ  պիտի քալեն այլ ճամբով: Ի՞նչ իմանային, թէ սերունդներ ծնող ժողովուրդին վրայ կարելի չէր յոյս դնել նոյնիսկ հայապահպանման աշխատանքին մէջ:

 Նոյնիսկ Արեւմտահայաստանը ազատագրուած տեսնելու անոնց երազը այլանդակուած է այսօր: Ժողովուրդը կը բաւարարուի «դէպի Արեւմտահայաստան» պտոյտով մը` իրականացնելու երազ մը, որուն մէջ «ազատագրուած» բառը կորսնցուացած է իրեն վերապահուած տեղը:  Թուլացած է պահանջատիրութեան ոգին: Ազատագրելու երազն է, որ կը մարի հոգիներուն մէջ: Զայն կը փոխարինէ իրականութեան հետ հաշտուելու եւ զայն ընդունելու ախտաւոր ոգին:

 Եւ ըսել, որ տղաքը հաւատք ունէին ժողովուրդին պահանջատէր ոգիին վրայ…

 Փաստօրէն ժողովուրդը շա՜տ հեռու է այդ ոգիէն: Ժողովուրդը նոյնիսկ կը դժուարանայ իրեն վստահուած հայապահպանման մէջ: Նոր սերունդները կը զրկէ իր ինքնութենէն, իր պատկանելիութենէն: Եւ ինչպէ՞ս յուսալ, որ օտար վարժարան յաճախող մանուկը, իր լեզուն եւ պատմութիւնը չգիտցող մանուկը, օտարին անունը կրող, օտար շրջանակի մէջ մեծցող մանուկը, վաղը ինք պիտի բռնէ պահանջատիրութեան ճամբան: Ինչպէ՞ս յուսալ, որ իր ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը չամրապնդած երիտասարդը վաղը պիտի քալէ տղոց ճամբով:

Իսկ այդ արթուն երիտասարդը, Դատին նախանձախնդիր երիտասարդը արդեօք կը գիտակցի՞, որ ակամայ կը շեղի տղոց գծած ուղիէն:

 Տղաքը ի՞նչ իմանային, թէ հակաթուրք պայքարը պիտի տարուի ներքին ճակատի վրայ: Անոնք եւ իրենց նման ուրիշներ սարսափի կը մատնէին թուրքը, ուր որ ալ ըլլար: Թուրք դեսպաններ, թուրք դիւանագէտներ կը հալածէին եւրոպաներու, ամերիկաներու մէջ: Իրենց հայեացքը ուղած էին դէպի արտաքին ճակատ, միջազգային բեմ:

 Անոնք ի՞նչ իմանային, թէ  նախանձախնդիր հայ երիտասարդը արտաքին քարոզչութեան եւ պահանջատիրութեան մղելու առիթ պիտի չունենայ, թէ ան պիտի ստիպուի ներքին ճակատին վրայ մղել հակաթուրք պայքարը` իր իսկ ժողովուրդին քարոզելով, սրբագրելով, ուղղելով: Տղաքը  ի՞նչ իմանային, թէ ժողովուրդը այսօր ի՛նք ոտնակոխ պիտի ընէ իրենց ու ճզմէ իրենց ոգին` քաջալերելով թրքականը ` մեր տուներուն եւ շուկաներուն մէջ:

 Վերջապէս, հաւատքով լեցուն այս տղաքը չէին պատկերացներ, որ յուսահատական ըլլալու աստիճան ծանր պիտի ըլլայ հայութեան վիճակը: Անոնք մեծ յոյսեր ունէին, որ իրենց գերագոյն զոհողութեամբ պիտի շրջեն պատմութեան անիւը, եւ որ` հայ ժողովուրդը պիտի ապրի նոր զարթօնք մը:

 Յոյսերը կամաց-կամաց կը շոգիանան: Բարքերով եւ օտար շրջապատով տարուած անգիտակից ժողովուրդը չ՛անդրադառնար, որ կանգնած է անդունդի մը եզրին: Վիճակին ահաւորութեան գիտակցողն ալ արդէն տարիներէ ի վեր որդեգրած է ջայլամի քաղաքականութիւնը:

 Միայն Լիզպոնի տղոց ոգիին հաւատարիմ այն քիչերն են, որ յոյսի նշոյլ մը կը ներշնչեն:

 Այն հարուածները, զորս հայութիւնը այսօր կը ստանայ, բաւարար չեն թուիր ըլլալ: Միայն հզօր ցնցումներ կրնան փրկել հայութիւնը իր մահաքունէն: Բայց տղաքը ի՞նչ իմանային…

 ՍԱՆԱՀԻՆ ԹՈՐՈՍ

No comments yet

Թողնել մեկնաբանություն