ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆՔ ՎԵՐԱՆԿԱԽ ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Երկու տարի տեւած 1918-ի անկախութիւնը, 71 տարուան սպասումէ ետք, վերականգնեցաւ 21 սեպտեմբեր 1991-ին: Մայիսեան անկախութեան ժառանգորդ Հայաստանը այսօր կը տօնէ իր անկախութեան վերականգման 20-ամեակը, մինչ իր բարգաւաճումը հայկական իրականութեան մէջ կը պարտադրէ ինքզինք իբրեւ առաջնահերթութիւն` վերջնականապէս դուրս գալու համար Խորհրդային Միութեան մութ անցեալէն եւ կերտելու հզօր պետականութեամբ հայրենիք մը:
Մէկ կողմէ Խորհրդային Միութեան վարած տնտեսական եւ ճարտարարուեստական քաղաքականութեան եւ, միւս կողմէ, քաղաքական ենթահողի չգոյութեան պատճառով տնտեսապէս տկարացած եւ քաղաքականապէս սնանկացած հայրենիքը 20 տարուան ընթացքին փորձեց վերագտնել ինքզինք: Իսկ այսօր կարելի չէ ժխտել այն իրականութիւնը, որ հայ ազգը ունի դարերով երազած իր անկախ պետութիւնը, որ աննախանձելի եւ շատերու ունեցած տեսլականներուն հետ բաղդատած, նոյնիսկ անմխիթար վիճակի մը մէջ գտնուելով հանդերձ, այսօր կազմաւորուած հանրապետութիւն է:
Անոնք, որոնք վերջին 20 տարուան ընթացքին այցելած են Հայաստան, վստահաբար անդրադարձած են այն մեծ բարեկարգումներուն, որոնք տեղի ունեցած են երկրին մէջ: Այո՛, կան խոցելի բացթողումներ, յոռի երեւոյթներ, կայ կաշառակերութիւն, կայ աղքատութիւն, կայ անարդարութիւն, բայց եւ այնպէս կայ ժողովուրդի հատուած մը, որ կը գիտակցի այդ բոլորին եւ իր կարողութեան սահմաններուն մէջ ունի կամքը` զարգանալու, յառաջդիմելու, բարեփոխելու եւ բարեփոխուելու:
Փաստօրէն ժողովուրդին հոգեբանութիւնն ալ վերանկախութեան տարիներէն ի վեր աստիճանաբար կը բարեփոխուի, մինչ ընդհանրապէս հայրենիքին եւ յատկապէս պետութեան եւ ժողովուրդին հանդէպ սփիւռքահայուն մօտեցումն ու հոգեբանութիւնը տասնեակ տարիներէ ի վեր կը մնան քարացած, անփոփոխ: Անիկա նոյնպէս ձեւափոխման կարիք ունի` քայլ պահելու համար Հայաստանի մէջ կատարուող փոփոխութիւններուն հետ:
Սփիւռքահայը նախ պէտք է ձերբազատի «կթան կով» ըլլալու իր բարդոյթէն: Բարդոյթ մը, որ վաստակած է տարիներ շարունակ հայրենիքի հանդէպ իր պարտականութիւնները նիւթական օգնութեամբ սահմանափակելով: Սփիւռքահայը պէտք է հասկնայ, որ նիւթական օգնութիւնը չէ միայն վերանկախ հայրենիքին դարմանը: Ան պէտք է ստանձնէ աւելի նպատակայարմար յանձնառութիւններ: Ամէն բանէ առաջ ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի: Քաղաքացիութիւնը ինքնին պարտականութիւն է: Միւս կողմէ` նիւթական նպաստներով միայն կարելի չէ պահպանել հայրենիքին սահմանները: Սփիւռքահայը պէտք է պարտական զգայ իր հարազատ հայրենիքի բանակին հանդէպ, զինուորագրուի ու ծառայէ հայկական բանակին մէջ` պաշտպանելու համար արեամբ` եւ ոչ թէ նիւթականով պահուող հողը: Վերջապէս, սփիւռքահայը պէտք է վերադառնայ հայրենիք, հաստատուի հոն ու իր ընտանիքն ու զաւակները չզրկէ իրենց բնօրրանէն: Ահա անոր գերագոյն պարտականութիւնը:
Հետեւաբար սփիւռքահայը պէտք է ձերբազատի նաեւ «զբօսաշրջիկի» իր հոգեբանութենէն: 20-ամեայ վերանկախ Հայաստանը պէտք չէ ըլլայ սփիւռքահայուն սրտին մօտիկ զբօսավայր մը, ուր ան կ՛այցելէ տարին անգամ մը` յագեցնելու իր տարեկան կարօտը: Վերանկախ հայրենիքը «բաց թանգարան» կրնայ ըլլալ միայն օտարին` բայց երբեք` հայորդիին: Վերանկախ հայրենիքը պէտք է ըլլայ այն հարազատ հողը, ուր հայը պիտի ապրի ու բազմանայ, պիտի գործէ ու ստեղծագործէ, պիտի ծաղկեցնէ ու շէնցնէ:
Հայաստանի վերանկախացման 20-ամեակի նշումը պարզապէս առիթ մը չէ յիշելու, որ հայ ազգը այսօր ունի անկախ հայրենիք մը: Հասակ նետող երիտասարդ հանրապետութեան զուգընթաց, հայութեան յանձնառութիւնները պէտք է հաւասարապէս մեծնան ու ընդլայնին:
Հայրենադարձութի՛ւնն է միակ միջոցը` դարմանելու վերանկախ հայրենիքին վէրքերը: Հայրենադարձութի՛ւնն է միակ միջոցը` արժեւորելու ձեռք բերուած անկախութիւնը: Հայրենադարձութի՛ւնն է միակ միջոցը` բարգաւաճեցնելու ու զարգացնելու Հայաստանը:
Օտար ափերու վրայ ապրող հայը, որ կեանքի ամենադաժան պայմաններուն մէջ տակաւին յամառօրէն կը տանի հայապահպանման գոյապայքարը, այսօր պէտք է դառնայ հայրենիք ու գոյատեւելու նոյն հզօր կամքով յաղթահարէ հայրենադարձութեան դժուարին պայմանները:
Վերադառնա՛նք վերանկախ հայրենիք…
ՍԱՆԱՀԻՆ ԹՈՐՈՍ
ՄԵՆՔ | ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ
Եւ ի՞նչ էինք մենք
Ու երկիրը մեր,
Եթէ ծուռ նստենք, բայց խօսենք շիտակ.
Եթէ նաւ՝ ապա չոր ժայռի վրայ,
Եթէ գաւ՝ ապա արցունքով լեցուն,
Եթէ հող՝ապա քարացած ահից,
Եթէ քար՝ապա ճչացող ցաւից,
Հզոր մի ոգի, որ չունէ՜ր մարմին,
Եզակի որակ՝ առանց քանակի,
Քաջարի սպա՝ առանց բանակի,
Պաշտամունք՝ հնի ու աւերակի…
Եւ ի՞նչ էինք մենք
Ու երկիրը մեր,
Թէ շիտակ նստած՝ծու՜ւռ խոսենք անգամ,
Զբոսաշրջի՜կ իր հայրենիքում,
Հիւր՝իր սեփական օջախ ու յարկում.
Գետ, որի լոկ մի ափին ենք նայում,
Լեռ, որ հեռուի՛ց է միայն երևում,
Անժողովուրդ հո՛ղ,
Անհող ժողովո՛ւրդ
Եւ ցրուած հուլունք, Որ չէր ժողովում:
Մենք խո´ւլ ենք կիսով.
Ամէն մի նոր ձայն թէև շուտ լսում,
Բայց անկարո՜ղ ենք ետևից գնալ.
Մեր ականջներում
Հայոց պատմութեան քաո՜սն է խշշում՝
Փնտռելով խօսքեր դառնալու հնար:
Մենք կա´ղ ենք կիսով,
Քանզի ո՜ւր էլ մեր մի ոտքը դնենք՝
Սուրիոյ աւազին,
Փարիզի մայթին,
Նեղոսի ափին…
Մեր միւս ոտքը
Խրուած է Մասիս լերան ձիւնի մէջ,
Եւ մենք չե՜նք քայլում,
Մենք տեղ չե՜նք հասնում՝
Գծում ենք միայն
Մեր պանդխտութեան շրջագիծն անել՝
Մասիսի շո՜ւրջ ենք պտըտուում անվերջ…
Մենք կոյր ենք կիսով.
Միշտ թաց է եղել մեր աչքն արցունքից,
Եւ աղո՜տ ենք մենք տեսնում,
Անկատա´ր.
Մի ձեռքո՜վ ենք մենք կառուցել միայն,
Ստիպել են զէնք բռնել միւսով՝
Պատերա՜զմ էր մեր հողում անդադար:
Մենք հա՛մր ենք կիսով.
Քանի՜ անգամ են կտրել մեր լեզուն,
Մեր մտածածը չասելու համար…
Որ չուրախանա՛նք մեր ուրախութեամբ,
Չհպարտանանք մեր հպարտութեամբ
Ու… չսգանք մեր զոհերն անհամար:
Արայի պէս ենք մենք սիրահարուում.
Մեզ թւում է միշտ,
Թէ սիրով տարուած՝մեր հողն ենք լքում
Եւ… վախենո՜ւմ ենք նոր Շամիրամից.
Կէս ուղեղո՛վ ենք աշխարհն ընկալում՝
Մթագնե՜լ է կէսն
Անեծքի՜ց,
Ցաւի´ց…
Մենք կէս,
Կէս ենք մենք,
Չլինէինք կէս՝
Հայ կը լինէինք,
Եւ ոչ թուրքահայ,
Կամ ֆրանսահայ.
Կամ Արաբահայ,
(Իսկ վաղն աստղահայ
Եւ կամ լուսնահայ…)
Կէս ենք,
Երկճեղքուած,
Կիսուած,
Երկգագաթ
Մեր խորհրդանիշ սո՜ւրբ լերան նման…
Բայց վկայ ճեղքուած Մասիս լեռը մեր,
Վկայ մեր կէսը մորթուած Տէր Զօրում
Եւ այն կէսը,
Որ ես եմ,
Դո՛ւ և նա՛,
Մենք կը միանանք
Մենք կ’ամբողջանանք,
Կը գտնենք մի օր
Լրիւ դառնալու հնա՛րն անհրար:
Մենք փո՜քր ենք, այո՛,
Փո՛քր,
Լեռների ծերպից սուրացող այն քարի՛ նման,
Որ դաշտում ընկած ժայռի ո՛ւժն ունի.
Փո՛քր,
Լեռնային մեր գետերի պէս,
Որոնք վիթխարի ո՛ւժ են ամբարել,
Անծանօ՜թ՝
Հովտի ծոյլ-ծոյլ գետերին:
Մենք փո՜քր ենք, այո,
Փո՛քր ենք,
Բայց ինչպէս գնդակը՝փողո՛ւմ,
Ինչպէս կաղնու սերմն՝արգաւանդ հողում
Ոսկու մի հատի՛կ,
Որ վերևի՛ց է նայում
Կապարի ու թուջի քաշին.
Մենք փո՜քր ենք,
Սակայն համեմունք ենք մենք…
Ա՛ղն այն մի պտղունց,
Որ հա՜մ է տալիս մի ամբողջ ճաշի…
Մենք փո՜քր ենք, այո՛,
Ձեզ ո՞վ էր ասում,
Մեզ սեղմէ՛ք այնքան,
Որ մենք ստիպուած…ադամա՜նդ դառնանք.
Ո՞վ էր ստիպում՝
Մեզ աստղերի պէս ցիրուցա՜ն անէք,
Որ միշտ մե՛զ տեսնէք՝
Ուր էլ որ գնաք…
Մենք փոքր ենք,
Սակայն մեր երկրի նման,
Որի սահմանը
Բիւրականից մինչ Լուսի՛ն է հասնում,
Եւ Լուսավանից մինչև Ուրարտո´ւ…
Փո՛քր,
Այն հրա՜շք ուրանի նման,
Որ դար ու դարեր
Փայլո՜ւմ է,
Շողո՜ւմ,
Սակայն չի՜ հատնում…
ԲԱՅՑ ՏՂԱՔԸ Ի՞ՆՉ ԻՄԱՆԱՅԻՆ
Հայկական հարցը հիմնուած է իր պապենական հողերուն վրայ
ազատ ու անկախ ապրելու եւ բարգաւաճելու հայ ժողովուրդի
արդար իրաւունքին վրայ` վայելելով ազգային եւ ընկերային
ամբողջական իրաւունքներ:
«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿ»
Հաղորդագրութիւն – 27 յուլիս 1983
Նպատակը մէկ էր. ազատագրել պապենական Հայաստանը:
Պէտք էր քանդել լռութեան պատը: Պահանջել ճանաչում: Պահանջել հատուցում: Բանալ ճամբան դէպի Արեւմտահայաստան: Վերադարձնել հողը… պապենական հողը, ուր պիտի բարգաւաճէր հայրենիքը, եւ ուր արժանապատիւ կեանք պիտի ապրէր հայը` վայելելով ազգային եւ ընկերային իր իրաւունքները:
Իմացեալ մահով գացին Լիզպոն: Համեստօրէն գիտակցելով իրենց գործին կարեւորութեան: Հաւատալով, որ երիտասարդութիւնը «պիտի արթննայ եւ քալէ «Հ. Յ. Բանակ»ի ճամբով»: Հաւատք ունէին ժողովուրդին վրայ, ժողովուրդէն ծնող նոր սերունդներուն վրայ: Անոնք էին, որ պիտի տեսնէին ազատագրուած Արեւմտահայաստանը: Անոնք էին, որ պիտի ապրէին հոն եւ կերտէին հայրենինքը:
Բայց տղաքը ի՞նչ իմանային…
Ի՞նչ իմանային, թէ երիտասարդութեան մէկ մասը պիտի մնայ խոր քունի մէջ, արթուններ ալ պիտի քալեն այլ ճամբով: Ի՞նչ իմանային, թէ սերունդներ ծնող ժողովուրդին վրայ կարելի չէր յոյս դնել նոյնիսկ հայապահպանման աշխատանքին մէջ:
Նոյնիսկ Արեւմտահայաստանը ազատագրուած տեսնելու անոնց երազը այլանդակուած է այսօր: Ժողովուրդը կը բաւարարուի «դէպի Արեւմտահայաստան» պտոյտով մը` իրականացնելու երազ մը, որուն մէջ «ազատագրուած» բառը կորսնցուացած է իրեն վերապահուած տեղը: Թուլացած է պահանջատիրութեան ոգին: Ազատագրելու երազն է, որ կը մարի հոգիներուն մէջ: Զայն կը փոխարինէ իրականութեան հետ հաշտուելու եւ զայն ընդունելու ախտաւոր ոգին:
Եւ ըսել, որ տղաքը հաւատք ունէին ժողովուրդին պահանջատէր ոգիին վրայ…
Փաստօրէն ժողովուրդը շա՜տ հեռու է այդ ոգիէն: Ժողովուրդը նոյնիսկ կը դժուարանայ իրեն վստահուած հայապահպանման մէջ: Նոր սերունդները կը զրկէ իր ինքնութենէն, իր պատկանելիութենէն: Եւ ինչպէ՞ս յուսալ, որ օտար վարժարան յաճախող մանուկը, իր լեզուն եւ պատմութիւնը չգիտցող մանուկը, օտարին անունը կրող, օտար շրջանակի մէջ մեծցող մանուկը, վաղը ինք պիտի բռնէ պահանջատիրութեան ճամբան: Ինչպէ՞ս յուսալ, որ իր ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը չամրապնդած երիտասարդը վաղը պիտի քալէ տղոց ճամբով:
Իսկ այդ արթուն երիտասարդը, Դատին նախանձախնդիր երիտասարդը արդեօք կը գիտակցի՞, որ ակամայ կը շեղի տղոց գծած ուղիէն:
Տղաքը ի՞նչ իմանային, թէ հակաթուրք պայքարը պիտի տարուի ներքին ճակատի վրայ: Անոնք եւ իրենց նման ուրիշներ սարսափի կը մատնէին թուրքը, ուր որ ալ ըլլար: Թուրք դեսպաններ, թուրք դիւանագէտներ կը հալածէին եւրոպաներու, ամերիկաներու մէջ: Իրենց հայեացքը ուղած էին դէպի արտաքին ճակատ, միջազգային բեմ:
Անոնք ի՞նչ իմանային, թէ նախանձախնդիր հայ երիտասարդը արտաքին քարոզչութեան եւ պահանջատիրութեան մղելու առիթ պիտի չունենայ, թէ ան պիտի ստիպուի ներքին ճակատին վրայ մղել հակաթուրք պայքարը` իր իսկ ժողովուրդին քարոզելով, սրբագրելով, ուղղելով: Տղաքը ի՞նչ իմանային, թէ ժողովուրդը այսօր ի՛նք ոտնակոխ պիտի ընէ իրենց ու ճզմէ իրենց ոգին` քաջալերելով թրքականը ` մեր տուներուն եւ շուկաներուն մէջ:
Վերջապէս, հաւատքով լեցուն այս տղաքը չէին պատկերացներ, որ յուսահատական ըլլալու աստիճան ծանր պիտի ըլլայ հայութեան վիճակը: Անոնք մեծ յոյսեր ունէին, որ իրենց գերագոյն զոհողութեամբ պիտի շրջեն պատմութեան անիւը, եւ որ` հայ ժողովուրդը պիտի ապրի նոր զարթօնք մը:
Յոյսերը կամաց-կամաց կը շոգիանան: Բարքերով եւ օտար շրջապատով տարուած անգիտակից ժողովուրդը չ՛անդրադառնար, որ կանգնած է անդունդի մը եզրին: Վիճակին ահաւորութեան գիտակցողն ալ արդէն տարիներէ ի վեր որդեգրած է ջայլամի քաղաքականութիւնը:
Միայն Լիզպոնի տղոց ոգիին հաւատարիմ այն քիչերն են, որ յոյսի նշոյլ մը կը ներշնչեն:
Այն հարուածները, զորս հայութիւնը այսօր կը ստանայ, բաւարար չեն թուիր ըլլալ: Միայն հզօր ցնցումներ կրնան փրկել հայութիւնը իր մահաքունէն: Բայց տղաքը ի՞նչ իմանային…
ՍԱՆԱՀԻՆ ԹՈՐՈՍ
ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԳԻՆԸ
«Պրաուն» համալսարանի Միջազգային հարցերու «Ուաթսըն» հիմնարկը վերջերս հրապարակեց ուսումնասիրութիւն մը` «Պատերազմին գինը» խորագրով: Ուսումնասիրութիւնը կ՛անդրադառնայ 2001-էն ի վեր Աֆղանիստանի, Իրաքի եւ Փաքիստանի մէջ մղուող պատերազմներուն ու տասը տարի ետք անոնց ձգած հետեւանքներուն` մարդկային, ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական կորուստներուն:
Ուսումնասիրութեան պարզած պատկերը ահաւոր է մարդկային կորուստներու առումով: 10 տարուան պատերազմէ ետք զոհուած քաղաքացիներուն ընդհանուր թիւը հասած է 174,500-ի, որոնցմէ 125,000-ը զոհ գացած է Իրաքի պատերազմին: Զինեալ բախումներու ընթացքին արեւմտեան ուժերը սպաննած են աւելի քան 20,000 զինեալ (ուսումնասիրութեան համաձայն, անոնց թիւը կը հասնի նոյնիսկ 50,893-ի), մինչ անոնք, Աֆղանիստանի, Իրաքի եւ Փաքիստանի ապահովական ուժերուն հետ միասին, տուած են 31,741 զոհ, որոնցմէ 6,051-ը ամերիկացի զինուորներ են: Պատերազմին զոհ գացած են նաեւ 255 լրագրողներ եւ 266 մարդասիրական աշխատանքներ տանող գործիչներ` 10 տարուան պատերազմէն ետք զոհուածներու ընդհանուր թիւը հասցնելով 257,655-ի:

Թալիպաններու կողմէ կատարուած յարձակումին պատճառով անակնկալի մատնուած զինուորներ: Ձախին` քունէն արթնցած ամերիկացի զինուորը կը կռուի "Այ լաւ Նիւ Եորք"ի պատկերներ կրող իր ներքնազգեստով:
Ինչ կը վերաբերի վիրաւորներուն, ապա պատերազմին վիրաւորուած են 146,921 քաղաքացիներ, որոնցմէ 109,558-ը իրաքցիներ են: Մինչ արեւմտեան ուժերը Աֆղանիստանի, Իրաքի եւ Փաքիստանի ապահովական ուժերուն հետ միասին տուած են 218,462 վիրաւոր, որոնցմէ 99,065-ը ամերիկացի զինուորներ են, այսպիսով վիրաւորներու ընդհանուր թիւը հասցնելով 365,383-ի:
Վերջապէս, պատերազմը իր ետին ձգած է աւելի քան 7,815,000 գաղթական, որոնցմէ 3,500,000-ը իրաքցիներ են, մինչ փաքիստանցի գաղթականներուն թիւը տակաւին կ՛աճի:
Զանց առնելով պատերազմի մէջ գտնուող երկիրներուն տնտեսական վիճակը` ուսումնասիրութիւնը իր երկրորդ բաժինով կ՛անդրադառնայ Միացեալ Նահանգներուն կրած տնտեսական ծանր կորուստներուն, որոնք յառաջիկայ տարիներուն պիտի կրկնապատկուին:
Արդարեւ, մինչեւ օրս Միացեալ Նահանգներ պատերազմներուն համար ծախսած են 2300-2600 միլիառ տոլար, թիւ մը, որ յառաջիկայ տարիներուն կրկնապատկուելով` կրնայ հասնիլ մինչեւ իսկ 4400 միլիառ տոլարի` նկատի առնելով գալիք զինեալ փախումներու ծախսերն ու ամերիկեան կառավարութեան տրամադրելիք գումարները` պատերազմէն վերադարձող զինուորներուն, վեթերաններուն ու անոնց ընտանիքներուն:
Ինչ կը վերաբերի ընկերային եւ քաղաքական հետեւանքներուն, ուսումնասիրութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ ամերիկեան ուժերուն կողմէ ձերբակալուած հարիւր հազարաւոր աֆղաններն եւ իրաքցիները, որոնց դէմ վճիռներ արձակուած չեն տակաւին, կը մնան ամերիկեան ուժերու հսկողութեան տակ գտնուող բանտերու մէջ եւ կ՛ենթարկուին ահաւոր չարչարանքներու: Մինչ «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին» պատճառով, ամերիկացի քաղաքացիներուն վրայ հսկողութիւնը կ՛աւելնայ` սահմանափակելով անոնց անձնականութիւնը:
Վերջապէս, ուսումնասիրութիւնը իր վերջին բաժինով կ՛անդրադառնայ պատերազմներուն պատճառով կենսոլորտին հասած վնասներուն` անտառահատումին, ջուրի, հողի եւ օդի ապականումին, պատերազմներուն ընթացքին գործածուած զէնքերուն, հրթիռներուն եւ օդանաւերուն պատճառով:
Ահա թէ ի՛նչ ծանր վնասներ կրած են պատերազմի մէջ եղող կողմերը վերջին տասը տարուան ընթացքին: Անշուշտ բոլոր կողմերը եւ մանաւանդ յարձակող կողմը բացառած չէին պատերազմին հետեւանքները: Պատերազմներու ընթացքին անխուսափելի են տնտեսական եւ մանաւանդ մարդկային կորուստները: Սակայն պատերազմներուն արդիւնքն է, որ «կ՛արդարացնէ» արձանագրուած կորուստները: Ժողովուրդներու ազատագրման համար մղուող պատերազմներու ընթացքին (ինչպիսին են Աֆղանիստանի եւ Իրաքի պատերազմները, գոնէ երեւութապէս), նախաձեռնող կողմը կ՛անտեսէ տալիք նահատակները` հաւատալով, որ պիտի հասնի իր նպատակին:
Իսկ Միացեալ նահանգներ հասա՞ն իրենց նպատակին: Ամերիկացիք յաջողեցա՞ն աշխարհին հրամցուած, թէկուզ երեւութական նպատակներուն` ժողովրդավարութեան հաստատման եւ ժողովուրդներու ազատագրման մէջ: Կ՛արժէ՞ր արդեօք այդքան ահաւոր վնասներ կրել եւ վնասներ պատճառել` յանուն ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Պատերազմի առաջին հանգրուանին արեւմտեան ուժերը, Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ, յաջողեցան տապալել Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ տիրող բռնատիրական վարչակարգերը եւ իշխող բռնատէրերը` Թալիպան շարժումն ու Սատտամ Հիւսէյնը: Սակայն, արդարացնելու համար իրենց ներկայութիւնը, արեւմտեան ուժերը շուտով իրենց նպատակները ուղեցին դէպի ժողովրդավարական կարգերու հաստատում եւ մարդկային իրաւունքներու գործադրում:
Պատերազմէն 10 տարի ետք պարզուած պատկերը կու գայ հաստատելու, որ արեւմտեան ուժերը, Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ, ձախողեցան իրենց առաքելութեան մէջ:
Արդարեւ, այսօր Աֆղանիստանը տակաւին կը նկատուի մենատիրական վարչակարգ ունեցող պետութիւն եւ 167 երկիրներ հաշուող ժողովրդավարական չափանիշներու ցուցակին մէջ կը գրաւէ 105-րդ դիրքը: Իսկ «Թրանսփարընսի ինթերնաշընըլ»ի համաձայն, փտածութեան 0-10 չափացոյցին վրայ կ՛արձանագրէ 1.4 (յոռեգոյնը` Հարաւային Ասիոյ մէջ):
Կիներու իրաւունքներու անտեսման առումով, Աֆղանիստանի մէջ 10 տարուան ընթացքին չէ արձանագրուած լուրջ յառաջդիմութիւն: Ընդհակառա՛կը, պատերազմին պատճառով կիներու կրթութեան, գործի եւ իրաւունքներու ձգտումները շոգիացած են, մինչ հազարաւոր աֆղան կիներ դարձած են անպատսպար գաղթականներ: Այսօր կիները կը ստանձնեն պետական պաշտօններու մէկ չորորդը, մինչ երկրին մէջ, ենթակառոյցի եւ գործի հայթայթման համար ծախսուած միլիոնաւոր տոլարներէն օգտուած են տղամարդիք, որոնց միջեւ ծագած բախումներուն լոյսին տակ կը շահագործուի աֆղան կիներու իրաւական վիճակը:
Ինչ կը վերաբերի Իրաքին, ապա Իրաքը նոյնպէս չի նկատուիր ժողովրդավար երկիր, որովհետեւ ժողովրդավարութեան գործադրութիւնը կը մնայ պակասաւոր: Ժողովրդավարական չափանիշներու ցուցակին մէջ Իրաք կը գրաւէ 111-րդ դիրքը, մինչ «Թրանսփարընսի ինթերնաշընըլ»ի համաձայն, փտածութեան չափացոյցին վրայ կ՛արձանագրէ 1.5` իր ետին ձգելով երեք երկիր` Աֆղանիստանը, Միանմարը եւ Սոմալին: Իսկ արդարադատութիւնն ու կրթական համակարգը կը մնան քաղաքական եւ կրօնական ճնշումներու գերին:
Իրաքի մէջ կիներու իրաւունքներու հարցը արձանագրած է նահանջ: Արդարեւ, 44 նախարար հաշուող Իրաքի կառավարութեան մէջ այսօր կը պաշտօնավարէ միայն մէկ կին նախարար: Իսկ 2003-էն ի վեր քաղաքական կեանք մուտք գործող բոլոր կուսակցութիւնները կը ղեկավարուին տղամարդոց կողմէ: Վերջապէս, Իրաքի մէջ այսօր ժողովրդավարական կարգերու եւ մարդկային իրաւունքներու հարցերը դարձած են երկրորդական` իրենց տեղը զիջելով համայնքային անլուծելի խնդիրներուն:
Պատերազմէն 10 տարի ետք պարզուած այս պատկերը կու գայ հաստատելու, որ արեւմտեան ուժերը, Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ, ձախողեցան իրենց առաքելութեան մէջ` միաժամանակ կրելով եւ պատճառելով ահաւոր վնասներ:
Այս բոլորին կողքին, պատերազմի դաշտերէն հեռու, ամերիկացի քաղաքացիները, բացի քանի մը մեծահարուստ ընտանիքներէ, որոնք իւրացուցին Իրաքի քարիւղի հանքերը, նոյնպէս կը կրեն ընկերային եւ տնտեսական հետեւանքներ: Ռազմական գործողութիւններու համար տրամադրուած գումարները եւ առնուած պարտքերը իրենց բացասական ազդեցութիւնը կ՛ունենան Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուող ներդրումներուն, աշխատանքին եւ տոկոսներուն վրայ: Մինչ պատերազմը գործ հայթայթեց մեծ թիւով ամերիկացիներու (իւրաքանչիւր 1 միլիոն տոլարի ներդրումը կը հայթայթէ 8 աշխատանք), ուրիշ մարզերու մէջ գործի հայթայթման համար յատկացուած գումարները եղան աննշան, երբ կարելի էր 1 միլիոն տոլարի ներդրում կատարելով իւրաքանչիւր մարզի մէջ հայթայթել 15 աշխատանք կրթական, 14 աշխատանք առողջապահական, 11 աշխատանք շինարարական մարզերուն մէջ: Նոյնպէս ալ բարգաւաճեցաւ զինուորական ենթակառոյցը, մինչ հասարակական ենթակառոյցի զարգացումը եղաւ չնչին` 10 տարուան ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու մէջ ստեղծելով «ենթակառոյցի կորուստ», որուն պատճառով չզարգացաւ տեղական արտադրութիւնը:
Կատարուած ուսումնասիրութիւնը եւ պարզուած կացութիւնը կու գան փաստելու, որ նախորդ տասնամեակին Միացեալ Նահանգներ առանց որեւէ յատկանշական ձեռքբերումներու` կրած են ահաւոր վնասներ եւ յաջորդող տասնամեակներուն տակաւին պիտի շարունակեն շատ սուղ վճարել «պատերազմին գինը»` մինչեւ յաջորդ պատերազմ:
ՍԱՆԱՀԻՆ ԹՈՐՈՍ
ԱՆՎԵՐՆԱԳԻՐ | ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ
Մի քոյր էի ես կորցրել,
Մինչև օրս լուր չկար,
Բայց հովն ահա լուր է բերել,
Թէ լալիս է քեզ համար:
Կին է դառել օտար մէկին,
Հայոց լեզուն մոռացել…
-Ա՜խ, ասացի իմ քոյրիկին,
Զուր ես կարօտս լացել:
Յոյս ունէի, թէ կը գտնեմ,
Այժմ իրաւ կորցրի,
Ասէք նրան` էլ քոյր չունեմ,
Քոյրս եղնիկն է սարի:
Իր ազգինը ով չսիրի,
Ո՞նց կը սիրի ամէնքին,
Թշնամին է ողջ ազգերի,
Ով չի պաշտում իր ազգին:
ԱՆՍՊԱՍԵԼԻ ՓՈԹՈՐԻԿ | ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ
Գեղեցիկ չէր, ես էլ գերուած – տարուած չէի:
Կար պաղ գինի միայն ու նոյնքան պաղ զրոյց:
Ո՛չ ես, ո՛չ էլ ինքը սիրահարուած չէինք,
Ո՛չ էլ խօսում էինք յիմար սիրուց:
Յետոյ … ինչպէս եղաւ … ու տաքացա՛ւ գինին,
Ու տաքացաւ խօ՛սքը, ու … տաքացա՜ւ:
Ինչքան խմեցի ես` ասաց «անո՜ւշ լինի»,
Ինչքա՛ն խմեցի ես` այնքան գեղեցկացա՛ւ,
Այնքա՜ն գեղեցկացաւ, որ չեմ յիշում հիմա,
Թէ մինչեւ այդ ինքը իր ինչի՞ն էր նման…
Յետոյ, երբ դուրս ելանք, թուաց, թէ նա
Շրջազգե՛ստ չի հագել այլ` փոթորի՜կ:
Յետոյ … փոթորիկն այդ տեղափոխուեց իմ մէջ,
Յետոյ … փոթորիկն այն փոխանցեցի նրան`
Իմ մատների միջով – միջոցով իր թեւի:
Յետոյ… փոթորիկն այդ մեզ երկուսիս քշեց,
Թաւագլոր տարաւ չգիտեմ ուր,
Բանալիով ջարդեց ինչ – որ մի դուռ,
Եւ քանի որ արդէն յոգնած էր շատ`
Փոթորիկը պառկեց մահճակալին,
Հսկայ փոթորիկը նեղլի՛կ մահճակալին,
Որպէսզի մի փոքր հանգստանայ …
Հանգստացաւ, երբ որ … առաւօտն էր բացւում …
Հիմա, կանգնած այդ նոյն մահճակալի դիմաց,
Փոթորկի հետքերն եմ զննում ու տնտղում`
Ո՛չ անկողնու վրայ, այլ իմ ներսո՜ւմ: Հիմա
Մինչեւ ծունկս խրուած ինքս իմ մէջ`
Ինչպէս ծառը` հողում,
Ես ճօճւում եմ տեղում:
Մէջս սկսում են արմատ ձգել
Եւ ծառայի՛ն մտքեր, ծառի՛ մտքեր:
Ու ես ծառի նման չեմ կարենում լքել
Այն տեղը, ուր տնկուած եմ:
Հիմա ինչպէ՞ս պոկեմ,
Ինչպէ՞ս ինքս պոկեմ ինձ ինձանից
Ու վեր կենամ գնամ. Քայլող ծառի՞ նման…
FRANCE 24 : TURKEY’S HIDDEN ARMENIANS
ՄԱՐՏ – ՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ
ՊԱՏՐԱՍՏ` ԽՂՃԻ ԵՒ ՍԿԶԲՈՒՆՔԻ ՊԱՅՔԱՐԻՆ («ՊԻԷԼ»ի մէջ թրքական արտադրութիւններուն դէմ կատարուած բողոքի ցոյցին առիթով)
12 փետրուարին «ՊԻԷԼ»-ի մէջ թրքական արտադրութիւններուն դէմ բողոքի խաղաղ ցոյց կատարող հայ երիտասարդներուն խոշտանգումը՝ թուրք գործարարներու կողմէ, լիբանանահայութիւնը կը դնէ նոր իրականութեան մը դիմաց:
Մինչեւ օրս ոչ միայն պաշտօնական Թուրքիան իր լրատուամիջոցներով չէր արձագանգեր կատարուած ցոյցերուն, այլ նաեւ տեղւոյն թրքական պատուիրակութիւնները չէին համարձակեր իրենց ձայնը բարձրացնել հայ երիտասարդներուն վրայ: Մինչդեռ այսօր թրքական մամուլը լայնօրէն կ’անդրադառնայ պատահածին, իսկ թուրքը Լիբանանի մէջ, օտար երկրի հողի վրայ, կը համարձակի խոշտանգել այդ երկրի քաղաքացիները:
Իրողական գետնի վրայ պատկերը յստակ է անշուշտ: Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ ցանած քաղաքական եւ տնտեսական սերմերը արդէն իսկ սկսած են տալ թրքական աննախադէպ յանդգնութեան առողջ ծիլեր: Իր կռնակը ամուր զգացող թուրքը այսօր կը համարձակի ձեռք բարձրացնել հայ երիտասարդներուն վրայ, չմիջամտող լիբանանեան ապահովական ուժերու աչքերուն ներքեւ:
Սուտ են այն խօսքերը, թէ ժամանակները փոխուած են, թուրքերը՝ նոյնպէս: Կեղծ քաղաքակրթութիւն քարոզող թուրքը նոյն է, ինչ որ էր մէկ դար առաջ: Իր արդար իրաւունքը պաշտպանող հայ գիւղացիին դէմ ֆիզիքական բռնամիջոցներու դիմող թուրքը այսօր նոյն ձեւով կը վարուի խօսքի ազատութիւնը ունեցող հայ երիտասարդին հետ:
Իսկ հայ երիտասարդութեան ցաւը Թուրքիոյ եւ թուրք քաղաքացիներուն Լիբանանի մէջ վայելած աջակցութիւնը չէ միայն: Հայ երիտասարդութեան ցաւ պատճառողը հակաթուրք պայքարին հանդէպ անտարբեր դարձած հայորդիներն են, որոնցմէ ոմանք այսօր արդէն «թրքականամէտներ» են: Հայորդիներ, որոնք նոյնպէս անտարբեր մնացին հայ երիտասարդներուն դէմ կատարուածին:
Հայորդիներ, որոնք հպարտ յաճախորդներն են հայ երիտասարդները խոշտանգող այդ թուրք գործարարներուն: Հայորդիներ, որոնք նոյնպէս հաւատարին ակնդիրներ եւ ունկնդիրներն են այսպէս կոչուած թրքական մշակութային արտադրութիւններու, ժապաւէններու, երգերու..
Ամօ՛թ, հազա՛ր ամօթ անոնց, որոնք իրենց փորերը կը կշտացնեն ու գրպանները կը լեցնին թրքական արտադրութիւններ քաջալերելով: Ամօ՛թ, հազար ամօթ անոնց, որոնք իրենց հեռատեսիլներուն դիմաց քամուած՝ կը սպասեն թրքական ֆիլմաշարեր: Ամօ՛թ, հազար ամօթ անոնց, որոնք իրենց ականջները կը նրբացնեն թրքերէն եւ թրքաբարոյ երգեր ունկնդրելով:
Հայ երտասարդութիւնը ամէն բանէ առաջ դատապարտելի եւ անհանդուրժելի կը համարէ այսպիսիներու «թրքականամէտ» կեցուածքները:
Անընդունելի են կատարուած զիջումները՝ աւանդական սկզբունքներէ: Աններելի է արձանագրուած նահանջը՝ ազգային արժէքներէ:
Հետեւաբար հայ երիտասարդները պիտի շարունակեն հակաթուրք պայքարը. պիտի կատարեն բողոքի ցոյցեր: Բռնամիջոցներն ու կարգ մը հայորդիներու «թրքականամէտ» կեցուածքները աւելի եւս պիտի ամրապնդեն հայ երիտասարդութեան վճռակամութիւնը՝ պայքարելու այսպիսի երեւոյթներու դէմ:
Հայ երիտասարդութիւնը փաստեց եւ ապագային բազմաթիւ առիթներով պիտի փաստէ, որ պատրաստ է մղելու խղճի եւ սկզբունքի այս պայքարը:
ՍԱՆԱՀԻՆ ԹՈՐՈՍ
ՊԱՀԷ՛ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾԵՐՈՒԴ
Տարեսկիզբին լիբանանահայութեան տրամադրութեան տակ դրուեցան գաղութի վարժարաններուն, միութիւններուն (երիտասարդական, ուսանողական, մարզական, հայրենակցական…) եւ հաստատութիւններուն (հոգեւորական, մշակութային, առեւտրական…) կողմէ պատրաստուած պատի, գրպանի կամ սեղանի տասնեակ օրացոյցեր:
Իւրաքանչիւրը տարուան 12 ամիսներուն մէջ կ’ամփոփէ իր աշակերտութիւնը, գաղափարախօսութիւնը, գործունէութիւնը: Եւ այսպէս, իւրաքանչիւր ամիս կը խորհրդանշուի դասարանով մը, իրագործումով մը, գաղափարով մը, դէպքով մը, հերոսով մը եւ այլն…
Այս տարուան նորութիւնը գեղանկարիչ Ռազմիկ Պերթիզեանի «Պանթէոն»ն է: Գեղանկարիչին իւրայատուկ մտայղացումով պատրաստուած այս պատի օրացոյցը կը ներկայացնէ Հայոց պատմութեան նշանաւոր դէմքերէն, առասպելական դիւցազուներէն, թագաւորներէն եւ հայ հեթանոսական պատմութեան չաստուածներէն տասներկուքը: Հոն յաջորդաբար գեղանկարուած են Հայոց պատմութիւնը կերտած Արամազդը, Անահիտը: Վահագնը, Աստղիկը, Միհրը, Նանէն, Ծովինարը, Հայկ Նահապետը, Արամէն, Մեծն Տիգրանը, Սասունցի Դաւիթը եւ, վերջապէս Վարդան Մամիկոնեանը:
Գոյներու ներդաշնակութեան կողքին, յատկանշական է իւրաքանչիւր գեղանկարի տակ նշուած «Հպարտացի՛ր եւ պահէ՛ ժառանգութիւնը մեծերուդ» 12 անգամ կրկնուող պատգամ-խօսքը: Հայ ժողովուրդին պատմութիւնը կերտած հերոսներուն պատգամն է այդ: Հպարտանալ եւ տէր կանգնիլ ազգային արժէքներուն, հայկական դիմագիծին, հայկականութեան:
Սակայն, ցաւօք սրտի, այդ 12 հայ պատմական դէմքերուն կը պակսի հայկականութիւնն ու առնականութիւնը: Բացի Վարդան Մամիկոնեանէն, որուն գեղանկարը շատ տպաւորիչ է, միւս հերոսները նման են արեւմուտքցի ժամանակակից դերասաններու, եւ կամ ճափոնցի մարտիկներու: Ցաւօք սրտի, աշխարհակալ Մեծն Տիգրանին նստուածքին եւ երկար ծամերը հաւաքած Սասունցի Դաւիթին կը պակսի առնականութիւնը: Խարտեաշ մազերով Միհրին ու Վահագնին կը պակսի հայկական դիմագիծը:
Առասպելներուն մէջ նկարագրուած դիւցազունը կը կրէ ազգին դիմագիծն ու իւրայատկութիւնները:
Ինչպէս օտար գրականութեան մէջ տեղ գտած յոյն, ֆրանսացի, ռուս եւ այլ ազգերու պատկանող առասպելական դիւցազունները, նոյնպէս հայկական աւանդավէպերու մէջ պատկերուած հայ հերոսները կրած են հայ ազգին արտաքին դիմագիծն ու բարոյական նկարագիրը: Անոնք եղած են քաջ, եղած են խիզախ: Անոնց կեցուածքն ու արտաքինը եղած է առնական: Անոնք ծնունդ են ժողովուրդին մտայղացման եւ, հետեւաբար, նման են անոր զաւակներուն:
Թէեւ ժողովուրդին մտքին մէջ իւրաքանչիւրը չունի մէկ եւ միայն մէկ արտաքին ճանաչում, բայց եւ այնպէս բոլոր հերոսները կը պատկերուին հասարակակից գիծերով, որոնք յատուկ են հայ ազգին:
Այսպէս, Սասունցի Դաւիթը չի պատկերացուիր արեւմուտքցի տղամարդու նուրբ գիծերով եւ շէկ մազերով, այլ իր մռայլ ու խոժոռ դիմագիծով: Աշխարհակալ Մեծն Տիգրանը չի պատկերացուիր ոչ առնական նստուածքով, այլ իր ձիուն վրայ արշաւանքի ձեռնարկողի կեցուածքով: Միհրը՝ արեւի եւ լոյսի չաստուածը, ինչպէս նաեւ Արամազդն ու Վահագնը չեն պատկերացուիր ծայրագոյն արեւելքի ժողովուրդներու յատուկ նշաձեւ աչքերով, այլ իրենց գերմարդկային ուժը արտացոլացնող սեւաչեայ դէմքերով:
Իսկ երբ հերոսին արտաքինը կը հակադրուի անոր ազգային դիմագիծին հետ, անիկա կը կորսնցնէ իրեն վերապահուած ու դարերով փառաբանուած արտաքին ու բարոյական նկարագիրը ու իր այդ օտարի դիմագիծով ժողովուրդին համար կը դառնայ անճանաչելի:
Անշուշտ որ հայոց պատմութեան անծանօթ հայորդիներուն հայկական առասպելական հերոսներուն մասին ծանօթացումը քաջալերելի է եւ անհրաժեշտ, մանաւանդ երբ կը պակսի Հայոց պատմութեան հանդէպ ճանաչում: Բայց եւ այնպէս, հարկ է պահպանել ազգային ժառանգութեան դարերու հարազատ նկարագիրը, որպէսզի գալիք սերունդները ճանչնան, հպարտանան ու պահեն ժառանգութիւնը մեծերուն:
ՍԱՆԱՀԻՆ ԹՈՐՈՍ
Յունուար, 2011









